26 զոհ՝ Նիւթաունի նախակրթարանի դէմ զինեալի յարձակումէ
Ամերիկացի 20ամեայ Ատամ Լանծա՝ արիւնալի յարձակում մը գործելով Ուրբաթ օր իր հին դպրոցին դէմ, սպաննեց 28 հոգի, անոնցմէ 20ը՝ 5-10 տարեկան երեխաներ: Զինեալը անձնասպան եղաւ:
Այս դպրոցէն ներս կը յաճախէին ծագումով յոյն փոքրիկներ, ինչպէս եւ երեք յոյն դաստիարակներ, որոնք փրկուեցան զինեալի արձակած փամփուշտներէն:
Միջազգային կարծիքը ցնցուած է քստմնելի ոճիրէն:
Սպիտակ Տան առջեւ ցոյց մը տեղի ունեցաւ, զէնքերու արտօնութեան դէմ: Ցուցարարները պահանջեցին աւելի խիստ օրէնքներու գործադրումը, զէնքերու ազատ արտօնութեան դէմ:
ԱՄՆի մէջ քառօրեայ սուգ յայտարարուած է: Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու նախագահներ ցաւակցութիւններ յղած են ԱՄՆի նախագահին, ցնցիչ դէպքի լոյսին տակ: