Լիբանանի նոր վարչապետ նշանակուած է սիւննի մահմետական Թամամ Սալամ: Ան ձեռնարկած է կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն:

«Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէն Վարուժան Ուրֆալեան կը տեղեկացնէ, թէ ամբողջ սերունդներ ազգային, հայրենասիրական ու յեղափոխական ոգիով դաստիարակած Մալխասի «Զարթօնք» վիպական հատորները շուտով թարգմանաբար պիտի ներկայացուին անգլիախօս հասարակութեան:

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՄԱՐՏ 25Ի ՏՈՂԱՆՑՔԸ

Յունաստանի Մարտ 25ի ազգային տօնին առիթով, Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2000 սկաուտներու շքեղ տողանցք, որը գլխաւորեց 85-ամեայ Աւագ Արիապետ եղբ. Յարութիւն Անմահունի, արժանանալով հարթակի վրայ գտնուող պատուոյ հիւրերու ջերմ ծափահարութիւններուն:

 Atlas-Cover Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) վերջերս հրատարակած է երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) «Հայաստանի Պատմական Ատլաս»ը, Խորհուրդի գործադիր տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի խմբագրութեամբ:

Անդրադառնալով Մէյն Նահանգին Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան Ճանաչման

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ անդրադառնալով ամերիկեան Մէյն նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման,