Պրազիլի Փարանա նահանգի խորհրդարանը անցեալ Յունուարին վաւերացուցած էր թիւ 75503 օրէնքը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Օրէնքի նախագիծին հեղինակն է նահանգային պատգամաւոր Նէյ Լեփրեւոստ: Նահանգապետ Քարլոս Ալպերթօ Ռիշան օրէնքը ստորագրած է Փետրուար 28ին՝ պաշտօնական մամուլին մէջ հրապարակուելէ ետք:

Օրէնքի առաջին յօդուածին մէջ կը նշուի. «Նահանգային օրէնսդիր ժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր կը նշանակէ իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24ը: Ցեղասպանութեան ճանաչման օրը պիտի ընդգրկուի Փարանա նահանգի պաշտօնական միջոցառումներու օրացոյցին վրայ»:

Փարանան կը գտնուի Պրազիլի հարաւը եւ ունի մօտաւորապէս 10.5 միլիոն բնակչութիւն, ներառեալ՝ փոքրաթիւ հայկական համայնք: