Անդրադառնալով Մէյն Նահանգին Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան Ճանաչման
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ անդրադառնալով ամերիկեան Մէյն նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման,
յայտարարած է, որ «այդ քայլը պիտի վնասէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Այդ բոլորին ետին կանգնած է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը. անոնք կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, սակայն այդ մօտեցումը չի կրնար նպաստել տագնապի լուծման», ըսած է Մամետեարով եւ աւելցուցած. «Անոնք այդ ձեւով կ՛ուզեն տպաւորութիւն ստեղծել, թէ մէկը կ՛ուզէ ճանչնալ անկախութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ Չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու Մէյն Նահանգի Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը որդեգրեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ինչպէս նաեւ դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին՝ կոչ ուղղելով աջակցելու ԼՂՀ «ինքնորոշման եւ ժողովրդավարական անկախութեան»: