- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
![]()
Երէկ, 1 Մայիսին, պատմական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ երբ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանը ընդառաջելով Աւստրալիոյ ասորական, յունական եւ հայկական ազգային կոմիտէներու պահանջքին, իր լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունեց ասորիներու, յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութիւնները: Լուրը հաղորդեց «Assyrian International» լրատուական գործակալութիւնը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ինչպէս անցեալին հաղորդած էինք, ամերիկահայ անհատներու կողմէ դատական դիմում ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ դատարանին, Թուրքիոյ կառավարութեան եւ «Կեդրոնական» (Մերքեզ) ու «Գիւղատնտեսական» (Զիրաաթ) դրամատուներուն դէմ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նոյն օրը վաւերացուած է վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ապրիլ 23ին կայացած Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստին ընթացքին քննուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նիստին կը մասնակցէին Իսրայէլի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական գրասենեակէն ստացանք Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի համատեղ կոչ-պահանջը՝ ուղղուած Թուրքիոյ պետութեան: Կը ներկայացնենք կոչի բնագիրը.-