ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեքսիքօ Սիթիի մէջ հաստատուած Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը, որ տեղւոյն բնակչութեան պահանջով՝ վերցուած էր Յունուար ամսուան վերջերուն,

պիտի տեղափոխուի Ատրպէյճանի դեսպանատուն. մեքսիքական «Միլենիօ» կայանին այս մասին յայտնած է քաղաքի այդ հատուածի ղեկավար Վիքթոր Ռոմոն:

Ալիեւի արձանը Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի կեդրոնական այգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած էր 2012ի Օգոստոսին, եւ այդ դիմումը կատարած Պաքուն, քաղաքի երկու զբօսայգիներու վերակառուցման համար 5 միլիոն տոլար ծախսած էր: Սակայն, արձանի տեղադրումէն ետք, տեղւոյն բնակչութիւնը բողոքի քանի մը ցոյց կատարած էր բռնապետին արձանը տեղադրելու որոշումին դէմ՝ պահանջելով, որ արձանը վերցուի: Այս պատճառով կազմուած էր յատուկ յանձնաժողով մր, որ տեղական իշխանութիւններուն խորհուրդ տուած էր վերցնել Ալիեւի արձանը:

Հակառակ Պաքուի սպառնալիքներուն, արձանը անցեալ Յունուարին վերցուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ պահեստ, իսկ այնտեղէն պիտի փոխադրուի ատրպէյճանական տարածք՝ Ատրպէյճանի դեսպանատուն: