Տասնամեակներ շարունակ Պուլկարիայի հայ համայնքը կը մեծարէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակը։

Ամէն տարի բոլոր գործող հայկական միութիւններու միասնական ուժերով կը կազմակերպուին զանազան միջոցառումներ, ձօնուած հայ ժողովուրդի զոհ դարձած հայրենակիցներու յիշատակին։

Այս տարի ալ Մեծ Եղեռնի 98-րդ ամեակի կապակցութեամբ տեղի պիտի ունենան տարբեր ձեռնարկներ հայաշատ քաղաքներուն մէջ։ Սոֆիայի, Փլովտիւի, Վառնայի, Պուրկազի, Ռուսէի, Սթարա Զակորայի եւ այլ քաղաքներու մէջ ժամը 18:30-ին հայեր եւ պուլկար ընկերներ պիտի մասնակցին կազմակերպուած տողանցքներուն։ Երթի մասնակցողները կեդրոնական փողոցներէն անցնելով, պիտի հասնին Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններու մօտ, որտեղ պիտի ար- տասանուին խօսքեր, տեղի պիտի ունենան ասմունքներ ու պիտի մատուցուին ծաղկեպսակներ։

Թրքական դեսպանատան, ինչպէս նաեւ Փլովտիւի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին, պիտի յանձնուին բողոքի նամակներ։ Անոնցմով պուլկարահայերը անքամ մը եւս պիտի կրկնեն թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտադիր է ճանաչել 98 տարի առաջ երիտթուրքերէն իրագործուած յանցագործութիւնը։ Եւ քանի որ Պուլկարիան դեռ եւս չէ ճանչած Մեծ Եղեռնի դէպքը, մասնակցողները կոչ պիտի ուղղեն պուլկարական խորհրդարանին կատարելու այդ արդար քայլը։

Պուլկարիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ վերջին 3 տարիներու ընթացքին մեծ քաղաքներու մէջ տողանցքները կը կազմակերպուին միեւնոյն ժամուն, որը լայն արձագանգ կը ստանայ հանրութեան եւ լրատուական միջոցներու կողմէ։

Պուլկարիոյ մէջ գործոց Հայոց եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուին հոգեհանգստեան պաշտօններ։