1983էն ի վեր UNESCO-ի 22-րդ Գլխաւոր վեհաժողովի հաւանութեան արժանանալէն ետք՝ յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդը՝ ԻԿՕՄՕՍ Ապրիլ 18-ը հռչակած է որպէս յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր:
Այս առիթով համաշխարհային մշակոյթի պաշտպանութեան այս կազմա-կերպութիւնը կոչ կÿուղղէ ճանչնալ ու գիտակցիլ հնագիտական եւ յուշարձանային ժառանգութեան վայրերու նշանակութեան, ուղղութիւն տալով որպէսզի այս օրը նշանաւորուի յատուկ նախաձեռնութիւններով ու միջոցառումներով:
Միջազգային հանրութեան առաջարկուած այս օրը կը կրէ «Կրթութեան ժառանգութիւնը» խորագիրը, եւ նպատակ ունի նոր սերունդները դաստիարակել հա- մաշխարհային մշակոյթի պահպանութեան արժէքի եւ կարեւորութեան մասին:
Այսօր, Ապրիլ 18-ին իւրաքանչիւր երկրի մէջ մշակութային նախաձեռնութիւններ կÿորդեգրուին:
Նոյնպէս Հայաստանի մէջ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուայ ծիրէն ներս՝ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի կրթութեան անշարժ ժառանգութեան օրինակներուն՝ նպատակ ունենալով նպաստելու խումբ մը կառոյցներու պահպանութեան, ճանաչման եւ հանրահռչակման: