Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նոյն օրը վաւերացուած է վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը իր այս որոշումով հանդիսացաւ Քալիֆորնիոյ առաջին գաւառը, որ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ օրէնըսդիր մարմիններուն, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը:

ԱՄՆի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան դրուատած է խորհուրդին սոյն որոշումը՝ վստահեցնելով, որ այս արարքը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան: Իր կարգին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ըսած է, թէ Արցախի անկախութեան իւրաքանչիւր ճանաչում քայլ մըն է դէպի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան «ժամանակայարմար, պատեհ ու յատկանշական» արարք որակեց այս քայլը:

Մէյն, Ռոտ Այլընտ ու Մեսեչուսեցի խորհրդարանները եւս ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: