Ապրիլ 23ին կայացած Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստին ընթացքին քննուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Նիստին կը մասնակցէին Իսրայէլի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ:

Լիագումարը որոշեց շարունակել քննարկումը խորհրդարանական յանձնախումբերէն մէկուն մէջ:

Քննարկման ընթացքին, «Մերեց» կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Զահաւա Կալոն յայտարարեց, թէ Իսրայէլ պէտք է հետեւի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 27 այլ երկիրներու օրինակին՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով նոր սկսած բանակցութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է արգելք հանդիսանան Ցեղասպանութեան ճանաչման: