Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է:
Սենադի մէջ ծերակուտականները յոտնկայս կը դիմաւորեն
հայկական եւ ամերիկեան դրօշակներու մուտքը
Յիշատակի ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի արեւմտեան շրջանի գրասենեակին կողմէ, տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի ստորին պալատի շէնքին մէջ:
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, թէ ոգեկոչման արարողութեան մասնակցած են ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներ, գործիչներ, ելոյթ ունեցած են Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
15 Ապրիլին տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որու քննարկումներուն ներկայ եղած ու հետեւած են նաեւ հայերը: «Ասպարէզ» կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւեր ներկայացուած էին նահանգի խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աչաճեան եւ Ատրին Նազարեան:
Օրէնսդիր մարմինի անդամներու գրասենեակներու
դռներուն վրայ գրուած եղած է՝ «Կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութիւնը»
Անոնք վաւերացուած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ստորին եւ վերին պալատներուն կողմէ եւ դարձած մէկ միասնական բանաձեւ (Թիւ 2). այդ փաստաթուղթով 15-19 Ապրիլ 2013-ի ժամանակահատուածը հռչակուած է իբրեւ «1915-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման շաբաթ», ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ ուղղուած է ճանչնալու պատմական անհերքելի փաստը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել զայն:
Աւարտին, հայ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպած են Քալիֆորնիոյ օրէնսդիրներուն հետ եւ ներկայացուցած զիրենք յուզող հարցերը: