«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ երկու հայ առեւանգուած է:
Լրատու սպասարկութիւնը կը յայտնէ թէ «Արմէնփրէս»ը այս տեղեկութիւնները քաղած է Սուրիահայերու անվըտանգութեան միութեան Դիմատետրի էջէն: Առեւանգումը տեղի ունեցած է Պապի ճամբուն վրայ, առեւանգուածները հայր եւ որդի՝ 73ամեայ Վանէս եւ 50ամեայ Մինաս Լեւոնեաններն են եւ իրենց մասին այլ տեղեկութիւն չկայ: