Հայ ատրպէյճանական սահմանի մօտ նախօրէին տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որուն հետեւանքով Այգեձոր գիւղի 26-ամեայ բնակիչը մահացած է:

«ԵՌԱԳՈՅՆ» կը հաղորդէ թէ Panorama.am-ի թղթակիցին պատմած է Այգեձորի գիւղապետ Սասուն Սաֆարեանը, թէ Էդիկ Դալլաքեանի խոզերը սահմանը անցնելու ժամանակ, երբ ան գացած է կենդանիներուն ետեւէն, ական մը պայթած է, որուն հետեւանքով գիւղացին վիրաւորուած է:

Երբ գիւղացիները բժիշկի հետ գացած են օգնութիւն ցուցաբերելու վիրաւորին՝ ատրպէյճանցիները այդ կէտի հարեւանութեամբ գտնուող յենակէտէն 15 վայրկեան կրակ բացած են:

«Բժիշկն ամէն դէպքում հասել է, հիւանդանոց հասցնելու ճանապարհին արիւնաքամ է եղել եւ մահացել: Թեւն ու ոտքը վիրաւորուած են եղել, չի կարողացել ոտքը ուժեղ կապել, որ արիւնաքամ չլինի»,- ըսած է գիւղապետը: Ան յայտնած է, որ բժիշկներուն հասնելու պահուն Էդիկը դեռ գիտակցութիւնը չէր կորսնցուցած: