Ժան-Կարպիս Արթէնի կողմէ հիմնադրուած՝ Մարսիլիոյ «Արամ» ընկերակցութիւնը ձեռնարկած է «Յառաջ»ի բոլոր թիւերու թուայնացման գործին, արտօնութեամբ՝ Արփիկ Միսաքեանի:

 «Յառաջ»ի հիմնադիր
Շաւարշ Միսաքեան

Առաջին առթիւ պիտի թուայնացուին 1950էն 1960ի միջեւ լոյս տեսած թիւերը, ապա՝ 1945-1949 եւ 1961-2009 շրջանինները: Իսկ ինչ կը վերաբերի 1925-1940 շրջանին, կան պակսող թիւեր եւ կը կարօտին յատուկ մշակումի՝ կարենալ թուայնացնելու համար: Իսկ 1941էն 44, Բ. պատերազմի գերմանական գրաւման տարիներուն, «Յառաջ» լոյս չէ տեսած:

Նշենք, որ «Յառաջ» հիմնադրուած էր 1925ին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ: 1957ին՝ անոր մահէն ետք, թերթին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան: «Յառաջ»ի վերջին՝ 22.214րդ թիւը լոյս տեսաւ 2009 Մայիս 30ին: Թերթին գործածած կապարագրերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ վերջին թիւին չորս էջերու կաղապարները Արփիկ Միսաքեանի կողմէ նուիրուած են «Արամ»ին, որոնք ցուցադրուած են վերջնոյս աշխատանոցին մէջ:

Թուայնացուած էջերը պիտի զետեղուին ընկերակցութեան webaram.com կայքէջին վրայ: