ՆԱՅՐՈՊԻ
Վաճառախանութներով լեցուն շուկայի մը մէջ յարձակում գործած են զինուած իսլամիստ խմբակներ: 62 հոգի սպաննած զինեալները այսօր կանուխ առաւօտեան չեզոքացուեցան Քենիայի ոստիկանութեան կողմէ:
ՊԵՌԼԻՆ
Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ-Դեմոկրատ կուսակցութիւնը տիրացաւ 311 աթոռի, Պունտենսթակի 630 ընդհանուր թիւին վրայ, հազիւ հինգ աթոռ հեռու մնալով բացարձակ մեծամասնութենէ: