Ուրբաթ 13 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին, տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում մը, «Հայ Մօր» տարուան առիթով։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ - Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Քննեց Հայ Դատի Հետապնդման Նոր Միջոցներ

Նոյեմբեր 29ի յետմիջօրէին, մօտաւորապէս 500 հոգի հաւաքուած էր Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ, մասնակցելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի, Քանատայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Յակոբ Օշականին Եւ Անոր Գործերու Լոյս Ընծայման Սատարող Մեկենասներուն Նուիրուած Գրական Իւրայատուկ Երեկոյ  

Վիպագիր, թատերագիր, քննադատ, գրականութեան պատմիչ եւ գրականութեան ուսուցիչ, հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ունեցած մեծն Յակոբ Օշականի մտածումներն ու արժեւորումները շուրջ 80 տարիներ ետք կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը:

Միշտ ալ հետաքրքրական է իմանալ, թէ Ամերիկայի հայկական համայնքը ինչպէս կը դիտուի օտարներու կողմէ: Այդ պատկերը աւելի գրաւիչ կը դառնայ, երբ գնահատականը կը տրուի ամերիկացի դիւանագէտի մը կողմէ ներքին զեկոյցի մը մէջ:

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները ունեցան միացեալ ժողով մը: