ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ - Հայ Դատի Խորհրդաժողովը Քննեց Հայ Դատի Հետապնդման Նոր Միջոցներ

Նոյեմբեր 29ի յետմիջօրէին, մօտաւորապէս 500 հոգի հաւաքուած էր Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ, մասնակցելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի, Քանատայի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Քննարկումներուն առաջինը նուիրուած էր «Շարժապատկեր եւ արուեստներ» նիւթին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Քեփիթըլ Սիթիզ»ի գլխաւոր երգիչ Սեպուհ Սիմոնեան, «Էմի» մրցանակին տիրացած բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան, «Ճինի» եւ «Ճեմինի» մրցանակներուն արժանացած դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, աշխարհահռչակ կատակաբան, դերասան ու հեղինակ Վահէ Պէրպէրեան, «Էփիք Տինայտ» ֆիլմի բեմադրիչներ Էտվին Աւանէս ու Սերժ Մինասեանս եւ «Թրի Էփըլզ Ֆել Ֆրամ Հեվըն» վէպի յայտնի հեղինակ Միշլին Ահարոնեան-Մարքըմ՝ քննելով շարժապատկերի, երաժշտութեան, գրականութեան եւ արուեստի այլ բնագաւառներու միջոցաւ Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք կատարելու կարելիութիւնները՝ օրինակներ բերելով իրենց փորձառութիւններէն:
Շաբաթ առաւօտեան քննարկումը նուիրուած էր «Հայրենիք եւ Սփիւռք» նիւթին, իսկ քննարկումին մասնակիցներն էին՝ դոկտ. Հայկ Օշական, որ դասախօս մըն է ու լրատուամիջոցներու բաժանմունքի վարիչն է Ուէյնի նահանգային համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ «Սիվիլնեթ»ի խմբագիրներէն՝ Մարիա Թիթիզեան ու Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղի դասախօսներէն՝ դոկտ. Դալար Շահինեան: Քննարկումը կեդրոնացաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ինքնութեան քաղաքականութեան եւ մշակութային արտադրութեանց վրայ՝ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով հայկական ինքնութեան պահպանման համար տարուելիք աշխատանքներուն վրայ: Ներկաներէն շատեր հարցումներով լուսաբանութիւններ խնդրեցին քննարկումի մասնակիցներէն, յատկապէս այն հարցին շուրջ, թէ միայն Հայաստան հաստատուելո՞վ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել հայկական ինքնութիւնը:
«Այս քննարկումէն ետք ներկաներուն մասնակցութիւնը խիստ ոգեւորիչ եւ հետաքրքրական էր, որովհտեւ սեղանի վրայ դրուեցաւ «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ» բարդ հարցումը: Քաղաքական, մշակութային ու հոգեբանական մակարդակներու վրայ տեղի ունեցած այդ քննարկումը յոյժ կարեւոր էր ու պէտք էր որ տեղի ունենար», կը յայտնէ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արա Խաչատրեան:
Յաջորդ նիստը նուիրուած էր «Արեւմտեան Հայաստան» նիւթին ու այդ տարածաշրջանին դիմագրաւած հարցերուն, յատկապէս՝ քիւրտերու եւ հայութեան միջեւ յարաբերութեանց տեսակէտէն: Քննարկումին մասնակցեցան Ռուքեն Շենկիւլ, դոկտ. Հենրի Թերիօ եւ դոկտ. Պիլկին Այաթա, իսկ համադրողն էր Խաչիկ Մուրատեան:
Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ «Անդրազգային արդարութիւն» նիւթով քննարկումը, որ կազմակերպուած էր Հայ իրաւաբանական միութեան հետ համագործակցաբար:
«Հայ Դատը հետապնդելու եւ արդարութեան հասնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը տեղական եւ օտար դատարաններու օգտագործումն է: Այս քննարկումին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել իրաւական նորագոյն ընտրանքներու օգտագործման կարելիութիւնները: Երախտապարտ ենք քննարկումի մասնակիցներուն եւ Հայ իրաւաբանական միութեան, մտածելու մղող այս ներկայացման համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Յաջորդ քննարկումը նուիրուած էր համացանցային ընկերային ցանցերուն միջոցաւ Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք տանելու կարելիութեանց: «Izartonk» մկրտուած քննարկումը, որ համադրուեցաւ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Արիս Յովասափեանի կողմէ, նուիրուած էր այդ մարզին մէջ կարեւոր աշխատանք տարած Ալէն Եքիքեանի ու Սօսէ Թովմասեան-Եքիքեանի յիշատակին: Քննարկումին մասնակցեցան Փօլ Չատրճեան ու Վաչէ Թովմասեան, իսկ ներկայացման ընթացքին ցուցադրուեցաւ 2011ի խորհրդաժողովին ընթացքին Ալէն Եքիքեանի ներկայացումէն բաժին մը:
Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, իսկ Կիրակի կէսօրուան հաւաքին տեղի ունեցաւ աշխարհի տարածքին գործոց Հայ Դատի յանձնախումբերու հետաքրքրական քննարկում մը՝ շնորհիւ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու օգտագործման:
Քննարկումին՝ համացանցի միջոցաւ մասնակիցներն էին՝ Միջազգային Հայ Դատի վարիչ Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Հարաւային Ամերիկա), Վերա Եագուպեան (Միջին Արեւելք), Շահէն Միրաքեան (Քանատա), Գասպար Կարապետեան (Եւրոպա) եւ Վաչէ Քահրամանեան (Աւստրալիա), իսկ խորհրդաժողովի սրահէն սոյն քննարկումին մասնակցեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանն ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան: Իւրայատուկ այս քննարկումին համադրողն էր խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ ու «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանը:
«Ասպարէզ»ի համացանցի կայքէն ուղղակի սփռուած սոյն քննարկումին մասնակցեցան նաեւ խորհրդաժողովին մասնակցիլ չկրցած հայորդիներ:
Հայ Դատի պայքարով յագեցած այդ շաբաթավերջի աւարտին, մասնակիցները խոստացան դարձեալ հանդիպիլ երկու տարիէն, այսինքն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք:

* * * * * * * * * * * * * * *

Արեւմտահայերէնին Նուիրուած Դասախօսութիւն

UNESCO-ի տուեալներուն համաձայն՝ արեւմտահայերէնը աշխարհի վտանգուած լեզուներուն մաս կը կազմէ: Հետեւաբար, ընդառաջելով Հայոց Ցեղասպանութեան Քուէյթի 100 ամեակի Յանձնախումբի առաջարկին, ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան, Դեկտեմբեր 9-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ «Հայ լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը սփիւռքեան իրականութեան մէջ» դասախօսութեամբ, որուն ընթացքին ներկայացուց վտանգուած լեզուներու մասին unesco-ի կատարած սահմանումներն ու Պէյրութի մէջ իր կատարած հայոց լեզուի մասին հարցախոյզի արդիւնքները: Այս կը յայտնէ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը։
Դասախօսութենէն առաջ, Քուէյթի 100 ամեակի Յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց դասախօսի կենսագրութիւնն ու մասնագիտական ուղին, ինչպէս նաեւ անոր մատուցելիք դասախօսութեան նիւթը: Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին Արտա Ճէպէճեան ոչ միայն դիտել տուաւ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգները, այլեւ իբրեւ ընկերալեզուաբանի եւ հայ մարդու, միջոցներ առաջարկեց՝ դէմ կանգնելու այդ վտանգին եւ զարգացնելու մեր լեզուն: Միջոցներ, որոնք կ'ենթադրեն աշակերտներ-ծնող համաձայնութիւն եւ գիտակցութիւն: Ան կարեւորութեամբ նշեց նաեւ, որ արեւմտահայերէնի վիճակը հետեւանք է համաշխարհայնացման եւ օտարին բարքերը ընդունելու մեր երիտասարդներու բուռն փափաքին: Հետեւաբար կոչ ըրաւ բոլոր ծնողներուն ըլլալ առաւել զգօն ու զգաստ, որպէսզի հետագայ սերունդը պահպանէ իր արմատները եւ չդառնայ աշխարհաքաղաքացի:
Դասախօսը իր անմիջականութեամբ եւ ներկայացման իւրայատուկ ոճով տարբեր ուղղուածութեամբ մտածողներուն մօտ մտահոգութեան եւ հետաքրքրութեան ալիք բարձրացուց: Եւ դասախօսութեան աւարտին լսեց անոնց կարծիքներն ու պատասխանեց հարցերուն:
Աւարտին խօսք առաւ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արտակ քհնյ. Քէհեաեան, նշելով, որ բոլոր վտանգները, որոնք կը դիմագրաւենք, հետեւանք են մեր անտարբերութեան եւ սխալ վարմունքին: Հետեւաբար, քահանայ հայրը իր հերթին յորդորեց ըլլալ միասնական եւ դէմ կանգնիլ մեր ինքնութիւնը խաթարող բոլոր սպառնալիքներուն դէմ: