Յակոբ Օշականին Եւ Անոր Գործերու Լոյս Ընծայման Սատարող Մեկենասներուն Նուիրուած Գրական Իւրայատուկ Երեկոյ
Վիպագիր, թատերագիր, քննադատ, գրականութեան պատմիչ եւ գրականութեան ուսուցիչ, հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն դրոշմը ունեցած մեծն Յակոբ Օշականի մտածումներն ու արժեւորումները շուրջ 80 տարիներ ետք կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը:
Արդարեւ, գրողներուն գործերը մէկտեղելու, խմբագրելու եւ տպագրութեան պատրաստելու հըսկայ եւ աննկարագրելիօրէն շնորհակալ աշխատանքը կը յամենայ խմբագիրին գզրոցներուն մէջ, եթէ զայն լոյս աշխարհ բերող եւ հանրութեան ներկայացնող մեկենաս մը գոյութիւն չունենայ: Տարբեր չէ պարագան նաեւ նոր հեղինակուած գիրքերուն, որոնց արժէքը որքան ալ մեծ ըլլայ ու կարեւոր, կը դատապարտուին մնալու արխիւային վիճակի մէջ:
Բարեբախտութիւնը այն է, որ կա՛ն այդ նախաձեռնութիւնը կատարողներ, կա՛ն Յակոբ Օշականի հաստատումին հաւատացողներ, կա՛ն գիտակցողներ, որ «մագաղաթը աւելի կ’ապրի, քան մարմարը»… Թերեւս հակառակին հաւատացողներէն նուազ ըլլան թիւով, սակայն վստահաբար իրենց դերակատարութեան եւ ունեցած ներդրումով շատ աւելի արժէքաւոր տեղ եւ յաւերժութեան առաջնորդող նախաձեռնութեան տէրեր պիտի ըլլան անոնք հայ իրականութեան մէջ:
Յակոբ Օշականի արժանաւոր աշակերտ, գրագէտ, մտաւորական, խմբագիր, դաստիարակ եւ Յակոբ Օշականի գործերու հրատարակութեան հետեւողականօրէն հետամուտ Պօղոս Սնապեանէն ծնունդ առնող նման նախաձեռնութիւն մը զարմանալի չէր, ոչ ալ‘ անակնկալ, որովհետեւ Սնապեան միշտ ալ փաստած է, որ ամէնէն աննշան արժէքին դիմաց անգամ կ’արժէ կանգ առնել, կ’արժէ գնահատել եւ քաջալերել: Ալ ո՛ւր մնալ Յակոբ Օշականի գիրքերու մեկենասութիւնը ստանձնած անձերուն նկատմամբ…
Յակոբ Օշական եւ Յակոբ Օշականի հատորէ դուրս մնացած վերջին վեց-եօթը գիրքերու հրատարակութեան ետին կանգնած Զոհրապ եւ Հրաչ Գըւըրեան եղբայրներուն նուիրուած գրական-բարեկամական երեկոյի մը կազմակերպումը ա՛յդ արժեւորումը կատարելու, երախտագիտութիւն յայտնելու եւ մեծ գրագէտը անգամ մը եւս պանծացնելու յարմար առիթ էր:
14 Հոկտեմբերին Այնճարի «Արեւ» ճաշարան-հանդիսասրահն էր ժամադրավայրը, անպաշտօն գրական-բարեկամական հանդիպում մը՝ Յակոբ Օշականի գիրքերու մեկենասներուն բաղձանքով եւ ներկայութեամբ քաղաքային, կրօնական եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, գրագէտներու, մշակութային մարդոց, գրասէր բարեկամներու, ուսուցիչներու, տնօրէններու:
Հանդիպումին բացումը կատարեց ու ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Պօղոս Սնապեան որ խօսեցաւ տեսական գրականութեան մէջ Յակոբ Օշականի գերագոյն գիրքը նկատուող «Անգղին կտուցին տակ» հատորին լոյս ընծայման վերաբերող դժուարութիւններուն մասին, որոնք ծագած էին անոր մեկենասութիւնը ստանձնած բարեկամի մը մահուան լոյսին տակ: Թէեւ կապ հաստատուած էր այդ անձնաւորութեան հարազատներուն հետ, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած էր անոնցմէ: Սնապեան դիտել տուաւ, որ ինք մեծ աշխատանք չէր տարած այդ առնչութեամբ այլ բարերար մը գտնելու, որովհետեւ ուզած էր իր բարեկամին անունով հրատարակուի Օշականին գիրքը: Այս դէպքէն 35 տարի ետք, երբ Գըւըրեան եղբայրները կը տեղեկանան, որ ընթերցողը զրկուած է Օշականի մեծարժէք գործը կարդալու հնարաւորութենէն, իսկոյն կը ստանձնեն անոր մեկենասութիւնը, եւ «Անգղին կտուցին տակ»-ը կը դառնայ հայութեան սեփականութիւնը:
Մեկենաս Զոհրապ Գըւըրեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց առիթ տրուեցաւ Յակոբ Օշականին գրական պատմութեան մէջ ներդրում ունենալու:
Երեկոն աւարտեցաւ ներկաներու կողմէ ինքնաբուխ խօսքերով եւ արտայայտութիւններով:
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ՊԷՅՐՈՒԹ - Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, 12 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ լիբանանցի չորս գեղանկարիչներու՝ Զէյնա Պատրանի, Ալի Շամսի, Իսա Հալլումի եւ Ֆաթաթ Պահմատի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեան, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Համազգայինի ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան:
Ապա անգլերէնով ցուցասրահի վարչութեան խօսքը արտասանեց Լոլա Պէօյիւքեան:
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ՀԱԼԷՊ - Մահացած Է Վաստակաշատ Դաշնակցական Առաքել Թերզեանը
ՀՅԴ Բիւրոյէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, որ «ցաւով կը գուժէ մահը հաւատաւոր եւ վաստակաշատ ընկեր՝ ԱՌԱՔԵԼ ԹԵՐԶԵԱՆի որ պատահեցաւ 6 Դեկտեմբեր 2013ին, Հալէպի մէջ»։
Ընկեր Առաքել իր գործով դաստիարակած է շատ սերունդներ: Ընկերոջ մահուան պատճառը ծանր հիւանդութիւնն էր, որմէ կը տառապէր ան:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Վաստակաշատ գործիչ, հալէպահայութեան տասնամեակներու կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Առաքել Թերզեանին վերջին հրաժեշտը տուած են մեծ թիւով ներկաներ։
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ՍՈՒՐԻԱ - ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԲԱԺԻՆ ՄԸ
Դամասկոսի համալսարանի տեսուչը Մոհամմատ Ամէր Մարտինի Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանէն Արմաշ Արքեպիսկոպոս Նալպանտեանի հետ հանդիպում մը ունենալով խորհրդակցած է Դամասկոսի համալսարանին մէջ հայերէնի դասաւանդութիւն սկսելու ծրագրին շուրջ: Կը նախատեսուի հայերէնի յատուկ ամպիոնի մը ստեղծումը համալսարանին մարդկային գիտութեանց եւ լեզուներու բաժնին մէջ: Դեսպանը խոստացած է, որ Հայաստան կը բերէ իր ներդրումը այդ ծրագրին, մատակարարելով դասագիրքեր, հաստատելով հայաստանեան համալսարաններու հետ գործակցութիւն:
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ՊՈԽՈՒՄ - ԾԱՆՕԹ ԹՈՒՐՔ ԳՐՈՂ ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԻՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեան Պոխումի մէջ մասնակցեցաւ ծանօթ թուրք գրող Քէմալ Եալչընի հեղինակութեան 40ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, ուր ներկայ էին շուրջ 400 հիւրեր:
Բարձրաստիճան այլ հիւրերու կողքին, որոնց շարքին մէջ կարելի է յիշել երեսփոխան Աքսէլ Շէֆէրը եւ Պոխումի քաղաքապետ Տիկին Տոքթ. Օթթիլէ Շոլցը, իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Սրբազան Հայրը, բարձր գնահատելով Քէմալ Եալչընի անկեղծ ու ազնիւ կեցուածքը ի մասնաւորի Թուրքիոյ մէջ հալածանքներու եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած Հայոց եւ այլ փոքրամասնութիւներու հանդէպ: Քէմալ Եալչըն հեղինակն է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ երկուքը՝ «Հոգիս քեզմով կը խայտայ» եւ «Սարի Կեալին»ը նուիրուած են Ցեղասպանութենէն փրկուած Հայերու եւ իրենց յաջորդ սերունդներու կեանքին, եւ հայերէնի թարգմանուած են Գարեգին Սրբազանին կողմէ:
Այս աոթիւ խօսք առնողներու շարքին կար Փրոֆ. Օնուր Կիւնթիւրք, որ ներկայացուց Եալչընի գրականութեան յատկանշական գիծերը: Խօսեցան նաեւ Ալպէրթ Սէվինչ, Ամերիկայէն Պ. Խնդիրեան, որոնք հեղինակին գիրքերուն հերոսներն էին:
Յոբելինական հանդիսութիւնը ճոխացած էր հայ, թուրք եւ քիւրտ երաժիշտներու, երգիչներու ելոյթներով, արտասանութիւններով եւ յոբելեարին մասին պատրաստուած ֆիլմի մը ցուցադրութեամբ:
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
ԱՒՍՏՐԻԱ - ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԷՆ ՆՇՈՒԱԾ Է «ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ 40 ՕՐԵՐԸ» ՎԷՊԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԸ
Աւստրիոյ հանրային ձայնասփիւռի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի լոյս ընծայման 80ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ՝ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: «40 օր-100 տարի. Ֆրանց Վերֆէլ - Գրականութիւնը որպէս պատմութեան հայելի» խորագրով ձեռնարկին կազմակերպութեան իրենց օժանդակութիւնը բերած են Աւստրիոյ հանրային ձայնասփիւռի կազմին մէջ գործող Ռատիօ-Գուլթուրհաուսի խմբագրութիւնը, Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը, Աւստրիոյ գրական ընկերութիւնը եւ «Ֆրանց-Վերֆէլ» յանձնախումբը:
Հաւաքոյթին, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան արժեւորած է Վերֆէլի վէպին պատմական եւ գեղարուեստական նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի յաւերժացման եւ այդ պայքարին ընդմէջէն՝ համամարդկային արժէքներուն բարձր նշաձողի վրայ զետեղման տեսանկիւնէն: Աւստրիոյ կառավարութեան անունով ներկաները ողջունած է Աւստրիոյ Կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան կազմին մէջ գործող Մշակութային վարչութեան տնօրէն, նախարարական խորհրդական Օլիվէր Հենհափէլը: Ողջոյնի խօսքեր արտասանած են Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հայրապետական պատուիրակ Տիրան վարդապետ Պետրոսեան, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան ղեկավար հայր Պօղոս Գոճանեան, Փոցտամի Եոհաննէս Լեփսիուս եւ Վուփփերթալի Արմին Թէօ Վեկնէր ընկերութիւններու վարչութեանց անդամ Համօ Պետրոսեան:
Մուսա լերան հերոսամարտի վերաբերեալ ձեռք բերուած նոր տեսանիւթերու մասին զեկուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան: Վերֆէլի վէպին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան արտացոլման խնդրի շուրջ ելոյթ ունեցած է Սալցպուրկի եւ Վիեննայի մէջ գործող Լոնտոնի համալսարանի դասախօս, գրականագէտ փրոֆ. դոկտ. Ռիւտիկէր Կէօրնէր: Հայոց Ցեղասպանութեան, Ֆրանց Վերֆէլի վէպին շուրջ կազմակերպուած է կլոր-սեղան, քննարկում եւ միտքերու փոխանակում:
Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը տրամադրած է նաեւ Ֆ. Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի ձեռագրին բնօրինակը, որ ցուցադրուած է ձեռնարկի ծիրէն ներս:
* * * * * * * * * * * * * * * * * * * * * *
Տեսլականի Եւ Արժէքներու Նուիրուած Երեկոյ Մը՝ Հայ Դատի Ճաշկերոյթը
«Լոզ» պանդոկի «Ռէյ Տոլպի» սրահը, Նոյեմբեր 30ի երեկոյեան, ամբողջութեամբ լեցուն էր. մօտաւորապէս 1000 հարաւային քալիֆորնիացիներու սոյն հաւաքը սովորական հաւաք մը չէր, այլ երազի մը արտայայտութիւնն էր ու պատկերը՝ ազգին վիճակը բարելաւելու նպատակին շուրջ հաւաքուած ժողովուրդի մը նուիրումին: Հաւաքը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկն էր, որ վստահաբար ներկաներու յուշերուն մէջ տարիներով պիտի մնայ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄի սկաուտներու դրօշակներու արարողութեամբ, որմէ ետք Ռաֆֆի Քերպապեան երգեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներու բացման խօսքերուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ ձեռնարկի կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցողներուն, գլխաւոր հովանաւորողներուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր նուրատուներուն:
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրցանակը շնորհուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանի ձեռամբ:
Կարսեթի երկար տարիներով հայութեան մօտիկ քաղաքական գործիչ մը եղած է, յատկապէս Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ իր պաշտօնավարութեան 12 տարիներուն ընթացքին: Ան խօսեցաւ Հայաստան իր կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին եւ շեշտեց, թէ մեծապէս տպաւորուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան եւ յատկապէս անոր երիտասարդութեան քաղաքական գործունէութեամբ:
Շրջանի հայութեան հոգեւոր առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, վեր. Յովսէփ Մաթոսեան ու հայր Գրիգոր Շահինեան միասնաբար կատարեցին օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան հրաւիրեց առաջնորդներ Մարտիրոսեանն ու Տէրտէրեանը, որ միասնաբար «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակը յանձնեն Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին: Յովսէփեան դրուատեց Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն Պարգեւ առաջնորդին իրագործումները, այնուհետեւ մեծարեալը խօսք առնելով՝ շեշտեց, թէ հայութեան պատմութեան մէջ որքա՛ն կարեւոր անձնաւորութիւն մըն էր Խրիմեան Հայրիկը, ինչ որ Հայ Դատի սոյն մրցանակը առաւե՛լ արժէքաւոր կը դարձնէ իրեն համար: