Ֆրանսայի Ռոման քաղաքին մէջ կատարուեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութիւնը, ձեռամբ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի։

Ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնական հիւրեր եւ բարերարներ։ Այս առթիւ ժամանած էին Վալանսի եւ շրջակայքի նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Վարդանեան եւ այժմու հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրանիկ քհնյ. Մալճեան, Կրենոպլի հոգեւոր հովիւ Տ. Բաբգէն քհնյ. Ստեփանեան, Սէնթ Էթիէնի հոգեւոր հովիւ Տ. Սահակ քհնյ. Ղարիբեան։ Եկած էին նաեւ Փարիզէն, Լիոնէն, Սէնթ Էթիէնէն, Վալանսէն սարկաւագներ եւ դպիրներ, մասնակցելու համար այս տօնական արարողութիւններուն։
Օծման պահուն խորանին վրայ էին բոլոր հոգեւորականները, սարկաւագներն ու դպիրները։  Քահանայ հայրերու կողմէ ըստ կանոնի ջուրով եւ գինիով լուացումէ ետք Նորվան Արք. Զաքարեան հանդիսաւորապէս օծեց սուրբ սեղանը։
Նորվան Սրբազան կուռ քարոզ մը տալով խօսեցաւ օրուան խորհուրդի մասին եւ կոչ ուղղեց մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Տ. Անդրանիկ քհնյ. Մալճեան ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուց եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգութեան ամբողջական գործընթացը։
Արարողութենէն ետք պաշտօնական հիւրերը եւ ուխտաւոր ժողովուրդը մասնակցեցան Ռոմանի Ծխական Խորհուրդի եւ Հայոց Բարեկամական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին, Միութեան կեդրոնին մէջ։ Պաշտօնական ճառերէ ետք ինքնաբուխ կերպով ստեղծուեցաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ մը, երգերով, արտասանութիւններով եւ նուագով։ Ծխական Խորհուրդը գեղեցիկ եւ յուզիչ անակնկալ մը պատրաստած էր ներկաներուն։ 45 տարի առաջ՝ 27 Հոկտեմբեր 1968-ին, Գիւտ Խաչի տօնին, քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էր Նորվան Սրբազանը։ Այս առթիւ եկեղեցւոյ կառոյցով շքեղ կարկանդակ մը պատրաստուած էր, շնորհաւորելու համար Սրբազան հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը։
Յաջորդ օր՝ Կիրակի առաւօտ Նորվան Սրբազան պատարագեց նորաօծ խորանին վրայ, երգեցողութեամբ Վալանսի եկեղեցւոյ երգչախումբի եւ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան։ Պատարագէն ետք հիւրասիրութիւն մը նախատեսուած էր Հայոց Բարեկամական Միութեան կեդրոնին մէջ։ Երկօրեայ այս արարողութիւնները եւ հանդիսութիւնները բծախնդիր պատրաստութեամբ իրագործած էր Ծխական Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Չաքըճըի։
Ս. Նիկողայոս եկեղեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ փոխանցուեցաւ 18 Փետրուար 1988-ին, Վալանսի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի, Ռոմանի քաղաքապետութեան եւ Նորվան Սրբազանի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ։ Եկեղեցին հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ վերջին երկու տարիներուն։