Պուլկարահայոց «Կանթեղ»ը կը հաղորդէ թէ Յունուար 11-ին Պուլկարիայի Շումէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիայի հայոց թեմի հերթական Թեմական պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցէին 51 պատգամաւորներէն 40-ը՝ ընտրուած Պուլկարիայի բոլոր հայաշատ քաղաքներէն:

Ժողովը սկսաւ Շումէնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ «Տէրունական աղօթքով», որմէ ետք Պուլկարիայի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց բոլոր պատգամաւորներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն: Ժողովի բացման ներկայ էր նաեւ Շումէնի նահանգապետ Վենցիսլաւ Վենկովը, որ իր գնահատանքի խօսքը բերաւ ժողովականներուն եւ մաղթեց արդիւնաւէտ ընտրութիւններ: Այնուհետեւ ժողովը շարունակուեցաւ «Շումէն» հիւրանոցի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ: Այնուհետեւ Պուլկարիայի հայոց թեմի գործող կանոնադրութեան համաձայն տեղի ունեցաւ Պուլկարիայի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ թեմական խորհուրդի «Վերստուգիչ յանձնախումբի» ընտրութիւնները: Թեմական 40 պատգամաւորներէն գաղտնի ընտրութեամբ ընտրուեցին թեմական խորհուրդի 9 անդամներ եւ թեմական խորհուրդի «Վերստուգիչ յանձնախումբի» 5 անդամներ՝ Օննիկ Մեջելեան, Օննիկ Գիւլեան, Կարէն Յարութիւնեան, Արմենակ Կիւմուշեան եւ Խաչիկ Մանկիկեան:
Ժողովի վերջաւորութեան առաջնորդական տեղապահ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր թեմական պատգամաւորներուն մասնակցութեան համար, իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց նախկին թեմական խորհուրդի անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր թեմական խորհուրդի անդամները: