Հազարաւոր ցուցարարներու եւ ոստիկանական ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան երէկ Կիրակի օր Քիէվի մէջ: Երկրի ղեկավարութիւնը յանկարծակիօրէն որոշած է օրէնք մը վաւերացնել, արգիլելու համար երկու ամիսներէ ի վեր շարունակուող քաղաքայիններու ցոյցերը:
In.gr կը հաղորդէ թէ աւելի քան երկու հարիւր հազար ցուցարարներ ողողեցին ուքրանական մայրաքաղաքը, ընդառաջելով բողոքի ընդդիմութեան կոչերուն:
Տասնեակ ցուցարարներ իրենց գլուխներուն վրայ կը կրէին ճաշի ամաններ, տուփեր կամ բարեկենդանեան հագուստներ եւ դիմակներ, այս ձեւով ծաղրելով օրէնքի նախատեսումները, որ տուգանք կը նախատեսէ բոլոր անոնց համար, որոնք դիմակ կը կրեն ցոյցերուն ընթացքին:
Ընդդիմութիւնը մեղադրեց իշխող կուսակցութիւնը, որ արդէն կը դատապարտուի եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ: