«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը յղում կատարելով ԱՊՀ-ի գործադիր կոմիտէի յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ:
Կը նախատեսուի համաձայնագիրը ստորագրել Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պելոռուսիոյ միջեւ, որմէ ետք «Մոսկուան կրնայ դառնալ կառոյցի քաղաքական մայրաքաղաքը, Ալմաթին ելեւմտական, Մինսքը՝ դատական»:
Հայաստան եւս կը նախատեսէ հետագային դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ: