Հելլէն մամուլը իր աղբիւրը քաղելով Ռոյթըրզ լրատու հաստատութենէն կը հաղորդէ, թէ Ռուսաստանը սկսած է Ատրպէյճանին փոխանցել հրետանային թնդանօթներ եւ հրթիռարձակիչներ, որ կ'արժեն 1 միլիառ ամերիկեան տոլար: 

Թուրքիոյ մէջ երէկ Կիրակի օր տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։

Ըստ «Արապիա»ի՝ Իրանի ուժանիւթի նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Իրան 2025ին պիտի դառնայ բնական կազ ներածող երկիրներու շարքին մեծագոյնը:

«Երկիր մետիա» կը հաղորդէ թէ Սուրիոյ մէջ ազերի գրոհայիններ սպաննուեցան դարձեալ։

Այս անգամ համացանցի միջոցաւ տարածուած են երկու սպաննուած ազերիներու (Սումկայիթ քաղաքի բնակիչներ Ռուֆաթ Աշուրովի եւ Ռուսլան Մամեդովի) լուսանկարները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին օրերուն Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ղրկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները: