20-24 Մարտ, 2014-ին Պոսթընի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի Կ.Վ.ը գումարեց իր 22-րդ լիագումար նիստը: Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման միջոցառումները եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները:

Թրքական բացայայտ հովանաւորութեամբ զինեալներու Քէսապ ներթափանցման փորձին եւ անոր հետեւանք հայաւանի պարպումին ի տես, յաճախակի կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղւոյն միաւորի շրջանային եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներուն հետ, Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու բաւարարման համար՝ այս հանգրուանին Լաթաքիոյ եւ Քէսապի մասնաճիւղերուն յատկացուեցաւ $15,000 ԱՄՆ:
Ընթացքի մէջ եղած ծրագիրներու գծով որոշուեցաւ.-
- Միաւորներու աշխոյժ մասնակցութեամբ շարունակել աշխատանքները՝ գաղութային շտապ օգնութեան մարմիններու շրջանակներէն ներս:
- 2012 Նոյեմբերէն սկիզբ առած «Տաք Ճաշ» ծրագիրը շարունակել նոյն ընթացքով: Այս հանգրուանին ծրագրին տրամադրելով $25,000 ԱՄՆ:
- Ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար, սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ծիրէն ներս՝ «Դպրոց» ֆոնտին յատկացնել $75,000 ԱՄՆ:
- ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ճամբով, Հալէպահայութեան խնամատարական կարիքներու բաւարարման ուղուած ծրագիրներու համար յատկացնել $10,000 ԱՄՆ:
Աշխարհասփիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ առաւել հզօրացած՝ Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ աջալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու:


Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւն