Մարտերը կը Շարունակուին
Անցեալ օր, կէս գիշերին, սուրիական բանակը վերագրաւեց Էքի Զոլուխն ու 45 կէտը։
Այս մասին կը յայտնեն արաբական աղբիւրներ՝ հրապարակելով վերագրաւման տեսանիւթը։
Մարտերը կը շարունակուին. Սուրիական բանակը վճռական է ու հակահարուած տալու տրամադրութեամբ մարտեր կը մղէ։
Ինչպէս յայտնի է իսլամիստ ապստամբները Քեսապի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղեր գրաւած են, մինչ մարտերը կը յամենան շրջակայքի մէջ:
Թրքական «Հապեր.սոլ» կայքը ցուցադրած է տեսագրութիւն մը, ուր ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէ՛ս թուրք սահմանապահներ արտօնութիւն կու տան իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն, որ ազատօրէն մուտք գործեն Քեսապ: Ներկայ դրութեամբ, զինեալները իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն Թուրքիոյ հետ Քեսապի սահմանային անցքը:
Նշենք, որ անորոշ տեղեկութիւններ կան Քեսապի շըրջանին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն մասին: Թէեւ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ, Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են հայաշատ քաղաքի երեք քառորդը եւ հասած են Քեսապի հրապարակը: «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Լաթաքիայէն յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Քեսապ՝ զինեալներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու եւ զանոնք ետ մղելու համար:
«Էյ.Փի.» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ սուրիական բանակը վերագրաւած է Քեսապի մօտակայ Նիսեր բլուրը, որ ընդդիմադիրներու հակակշիռին տակ ինկած էր: Նաեւ, սուրիական ռազմական օդանաւեր ռմբակոծած են Քեսապի մէջ ծայրայեղականներու դիրքեր: