Սուրիահայ զինուոր մը կը սպաննուի Հալէպի մէջ
«Բերիոյ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հալէպի Նիլ թաղամասը թիրախ դարձած է հրթիռարձակման: Հրթիռի մը պայթումէն իր ստացած բեկորներուն պատճառով, սպաննուած է սուրիական բանակի հայ զինուոր՝ 1995ի ծնունդ Գրիգոր Աշնագըլեանը:
Նշենք, որ 20 տարիքը չբոլորած Գրիգորը քանի մը ամսուան ծառայութիւն ունէր միայն: Անոր թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ:
Դամասկոսի Բաբ Թումա թաղամասին մէջ հրթիռարձակումին պատճառով հայ կաթողիկէ «Ալ Մանար», ինչպէս նաեւ այլ դպրոցներ 15 օրով փակ պիտի մնան:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ մուֆթի՝ շէյխ Ահմատ Պետրըտտին Հասսուն, Ապրիլ 14ին այցելած էր Լաթաքիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ընկերակցութեամբ Լաթաքիոյ նահանգապետին, «Պաաս» կուսակցութեան Լաթաքիոյ ղեկավարին եւ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնականներու, պետական ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու: