Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը երէկ Քալամունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Մաալուլա գիւղը մուտք գործելով՝ Մար Թաքլա եւ Քըտտիսին վանքերը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:
Նախքան այդ, երէկ առաւօտեան բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած էր Սարխա գիւղը:
Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի Մաալուլա եւ Սարխա մուտք գործելը կը յաջորդէ Լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային մօտ գտնուող Ռանքուսի բարձունքներուն տիրելուն: Զինեալները հեռացած են դէպի լիբանանեան Ասալ Ուարտ եւ Թուֆէյլ գիւղերը:
Զինեալները Մաալուլա մուտք գործած էին անցեալ Նոյեմբերին, շրջան՝ ուր մինչեւ օրս կը խօսուի Յիսուսի օգտագործած լեզուն՝ արամերէնը: