Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը սեփական վերլուծութեամբ հանդէս գալով, հաստատած է թէ տարուայ վերջաւորութեան նախատեսուած գնաճի ցուցանիշը քիչ հաւանական է որ 5%ի (արդէն նախատեսուած) չափանիշէն վեր անցնի:
Սակայն պէտք է կառավարութիւնը ուղղակիօրէն միջամտէ գործընթացին. «Պէտք է աշխատավարձի մասին օրէնք ընդունուի, որ թոշակ, նպաստներու յաւելում տայ» ըսած է Արծուիկ Մինասեանը:
«Կեդրոնական Դրամատունը
Կը Փորձէ Շուկայէն Վերացնել Խուճապային Տրամադրութիւնները»
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, մեկնաբանելով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը, որ իւրաքանչիւր օր սակարկութեան միջոցով պիտի իրականացուի օտար դրամանիշերու վաճառք նախապէս հրապարակած առաւելագոյն քանակով, ըսաւ. «Ատով Կեդրոնական դրամատունը կ՛ուզէ ըսել, որ պէտք չէ խուճապի մատնուիլ, մենք ունինք անհրաժեշտ պաշարները եւ կրնանք ապահովել օտար դրամանիշերու պահանջը, որպէսզի տատանումները կտրուկ չըլլան»:
Ըստ Մինասեանի, Կեդրոնական դրամատունը ատիկա կ՛ընէ, որպէսզի շուկայէն հանէ խուճապային տրամադրութիւնները եւ վարկածային նկատառումները:
«Անոնք, որոնք խուճապային տրամադրութիւններով օտար դրամանիշ ձեռք կը բերեն, կրնան հետագային նաեւ վնասներ կրել օտար դրամանիշերու արժէքի նուազեցման պատճառով», աւելցուցած է Մինասեան:
«Յառաջիկային Դրամի Փոխարժէքի Տատանումները «Չնչին Պիտի Ըլլան»
Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաւաստեց, որ Հայաստանի արժութային շուկան դուրս եկած է անակնկալ ցնցումէն, եւ թէ յառաջիկային դրամի փոխարժէքի տատանումները «չնչին պիտի ըլլան»: