Գրեթէ միաձայնութեամբ Ռուսաստանի խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Պետական Տուման երէկ վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան մասին պայմանագիրը։ 450 պատգամաւորներէն դահլիճ ներկայ էին 441-ը, բոլորն ալ կողմ քուէարկեցին, բացառութեամբ մէկ հոգիի: 

Տումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Լեոնիտ Սլուցկին նախքան քուէարկութիւնը յայտարարած է, որ ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը նշանակալից իրադարձութիւն է միութեան համար: Սլուցկին աւելցուցած է նաեւ, որ լուծուած են Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած բոլոր տարաձայնութիւնները, եւ Հայաստան կը միանայ Եւրասիական Միութեան միջազգայնօրէն ճանչուած սահմաններով:
Ելոյթներ ունեցած են Տումայի բոլոր 4 ֆրակցիաներու ներկայացուցիչները, կոչ ուղղելով քուէարկել վաւերացման ի նպաստ:
Յիշեցնենք, որ պայմանագիրը Դեկտեմբեր 2-ին Տումա ներկայացուած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ, իսկ անկէ առաջ, Նոյեմբեր 21-ին, փաստաթուղթը հաստատուած էր Ռուսաստանի կառավարութեան կողմէ:
Այս փաստաթուղթին մէջ դրոյթներ կան ընդհանուր մաքսային տարածքի, ընդհանուր արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան, նաֆթամթերքներու, դեղօրայքի ընդհանուր շուկայի, գաղթականական օրէնքներու մասին։
Եւրասիական Միութիւնը, որու ստեղծման մասին պայմանագիրը Մայիս 29-ին Աստանայի մէջ ստորագրած էին Ռուսաստանի, Պելառուսի եւ Ղազախստանի նախագահները, պիտի սկսի գործել 2015 թուականի Յունուար 1-էն։ 
Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը պաշտօնապէս դեռ չէ սկսած գործել, սակայն արդէն կան լուրջ տարաձայնութիւններ հիմնադիր անդամ երկիրներուն միջեւ, օրինակ՝ օրերս Պելառուսը միակողմանիօրէն վերականգնեց մաքսակէտերու աշխատանքը Ռուսաստանի հետ սահմանին եւ երկիր մուտք գործող մասնաւոր մեքենաներու ու բեռնատարներու ստուգումներ կատարեց:
Ռուսաստանի եւ Պելառուսի միջեւ վէճը պայմանաւորուած է Մոսկուայի նկատմամբ Եւրոմիութեան սահմանած տնտեսական պատժամիջոցներով եւ ռուսական կողմի պատասխանով. 
Նշենք, որ պաշտօնական Աստանայի պահանջով Եւրասիական Միութեան ստեղծման մասին պայմանագրէն դուրս բերուած են բոլոր այն կէտերը, որոնք թոյլ կուտային միութիւնը դիտել՝ ոչ միայն որպէս տնտեսական, այլ որոշ առումով նաեւ որպէս քաղաքական միութիւն։