- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Յունիս 20-ին, ժ. 11:00 «Էրեբունի» կեդրոնի 9-րդ յարկի սրահին մէջ տեղի կÿունենայ «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի բացումը, որուն կը մասնակցին ծրագրի համակարգող խորհուրդի անդամները` ՀՀ առողջապահութեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան, ՀՀ մշակոյթի, ՀՀ պաշտպանութեան եւ այլ նախարարութիւններու, Արագածոտնի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Արարատի մարզպետարաններու, ինչպէս նաեւ հիւրընկալող ընտանիքներու ներկայացուցիչները:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ստեփանակերտը կը զարգանայ արագօրէն: Այդ մասին «Էխօ Մոսկուի» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարեց Ստեփանակերտի քաղաքապետ Վազգէն Միքայէլեանը: «Մենք պէտք է կեանքի նորմալ, յարմարաւէտ պայմաններ ապահովենք քաղաքի բնակիչների համար:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու մամլոյ ծառա յութեան տեղեկութիւններով, Մայիս 16ին Հայաստան պիտի այցելէ Հիւլէակայանի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) հովանիին տակ գործող OSART յանձնախումբը։
Ըստ հաղորդագրութեան, OSART յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են հիւլէակայանի ոլորտի մասնագէտներ՝ ինն եր-կիրներէ: Յանձնախումբի այցելութեան նպատակն է՝ ուսումնասիրել ՀԱԷԿի (Հայաստանի Հիւլէակայանի) շահագործման անվտանգութեան վիճակը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Շաբաթ, 11 Յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան, արտաքին գործոց նախարարներու քննարկումներուն իբրեւ կարելի եղած է մօտեցնել դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու շարք մը առանցքային հարցերուն շուրջ: Փաստաթուղթի նախագիծը պիտի քննարկուի Յունիսի վերջաւորութեան՝ Քազանի մէջ նախատեսուած եռակողմանի վեհաժողովին ընթացքին:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Թրքական կողմի այն հաւաստիացումները, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու համար երկրի տարածքին գտնուող պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական յուշարձանները, չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին կÿանդրադառնայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» կայքէջը։