Յունիս 20-ին, ժ. 11:00 «Էրեբունի»  կեդրոնի 9-րդ յարկի  սրահին մէջ տեղի կÿունենայ «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի բացումը, որուն կը մասնակցին ծրագրի համակարգող խորհուրդի անդամները` ՀՀ առողջապահութեան, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան, ՀՀ մշակոյթի, ՀՀ պաշտպանութեան եւ այլ նախարարութիւններու, Արագածոտնի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Արարատի մարզպետարաններու, ինչպէս նաեւ հիւրընկալող ընտանիքներու ներկայացուցիչները:


Ողջոյնի խօսքով հանդէս կուգայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
«Արի տուն» ծրագրի նպատակն է սփիւռքահայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-Հայրենիքը,  անոնց մէջ արմատաւորել ազգային արժէքային համակարգ, ծանօթացնել հայ ընտանիքին, հայ մարդու հոգեկերտուածքին, աջակցիլ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական, կրթամշակութային մերձեցման: