Շաբաթ, 11 Յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Էլմար Մամետեարովի եւ Սերկէյ Լաւրովի աշխատանքային հանդիպումը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան, արտաքին գործոց նախարարներու քննարկումներուն իբրեւ կարելի եղած է մօտեցնել դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու շարք մը առանցքային հարցերուն շուրջ: Փաստաթուղթի նախագիծը պիտի քննարկուի Յունիսի վերջաւորութեան՝ Քազանի մէջ նախատեսուած եռակողմանի վեհաժողովին ընթացքին:

«ԹԷ՛ ՀԱՔ-Ը, ԹԷ՛ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻՏՈՒՄ ՈՒՆԻՆ

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԶԻՋԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ Ա. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան անցեալ Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ թէ՛ Հայ ազգային քոնկրեսի, թէ՛ իշխանութեան հասկացողութիւնը ղարաբաղեան հարցին մէջ կը կառուցուի զիջման սկզբունքին վրայ: Ըստ անոր, իշխանութիւնը նուազագոյն զիջումներու միջոցով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծել, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսին կողմէ զիջումը կը դիտուի իբրեւ ռազմավարական նպատակ, եւ առաջին նախագահ ԼՏՊը ատիկա չի թաքցներ: Ամէն պարագայի, երկուքն ալ զիջելու մտադիր են:

Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զաքարեան իր կարգին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին մէջ զիջումներու մասին խօսիլը աւելորդ է կը խօսուի միայն խաղաղ ճամբով բանակցութիւններու մասին: