Միջեկեղեցական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Անցնող շաբաթավերջին, հայոց հայրապետի ժամանման առիթով ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ նախագահական պալատէն ներս: Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի՝ վեհափառ հօր հետ քննարկեց վիրահայոց թեմը յուզող շարք մը խնդիրներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»՝ ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Նախապէս Գարեգին Բ. պատրիարքին ընդունած էր վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Իլիաս Բ. կաթողիկոսը: