Քազանի մէջ նախատեսուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ՝ արդէն 9-րդ հանդիպումը: Քաղաքի իշխանութիւնները եւ լրատուամիջոցները կը պատրաստուին նախագահներու հանդիպման եւ անոր յաջորդող թաթարական ազգային տօնին՝ Սաբանտույին:
Անվտանգութեան ապահովման խիստ միջոցները յայտնի են քաղաքէն ներս:
Օրուայ երկրորդ կիսուն նախագահները պիտի մեկնին Քրեմլ, որ Քազանի յիշարժան վայրերէն է:
Պաշտօնական ընթրիքէն յետոյ բարձրաստիճան հիւրերը պիտի ընդունուին Քազանի ձիասպորտային համալիրէն ներս, ուր տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահի բաժակի մրցարշաւը:
Ի դէպ, այդ մրցումներուն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Թաթարստանի հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքներու ներկայացուցիչները: Համայնքներու ղեկավարները ընդգրկուած են ընդունող պատուիրակութիւններու կազմերուն մէջ: Թաթարստանի մէջ կը բնակին մօտ 7 հազար հայեր եւ 10 հազար ատրպէյճանցիներ:
Յաջորդ օր նախատեսուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահների հանդիպումը:
ԱՄՆ-ը, Ռուսաստան եւ Եւրոպական Միութիւն լուրջ ակնկալիքներ ունին
Քազանի հանդիպումէն
Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ վաղը Քազանի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման հետ կապուած հնարաւորութիւններու մասին խօսելով, հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխ խօսնակ Մարք Թոները:
Բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած է թէ «Ես գիտեմ, որ ԱՄՆը, ինչպէս նաեւ [ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի] համանախագահ միւս երկու երկիրները վերջերս աշխուժացուցած են կողմերը մերձեցնելու ջանքերը»:
Քազանի հանդիպման նախօրեակին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «24 Յունիսին Քազանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը‘ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի մասնակցութեամբ: Այդ հանդիպումը կոչուած է հանգրուանային դեր խաղալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Պաքուն եւ Երեւանը կառուցողական կերպով արձագանգեն այս տարուան 26 Մայիսին Տովիլի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու‘ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու միացեալ յայտարարութեան, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կոչ կ՛ուղղէ‘ քաղաքական կամք դրսեւորելու եւ քազանեան հանդիպումին ընթացքին աւարտին հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու նախագիծը:
«Փաստաթուղթը, որ պիտի քննարկուի Քազանի մէջ, կը նկատուի կողմերու եւ համանախագահող երկիրներու միացեալ աշխատանքի կարեւոր շրջանի արդիւնք, իրական հիմք է հետագային յառաջ ընթանալու եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան համար:
«Յոյս ունինք, որ կողմերը այդ հիմքին վրայ համաձայնութեան պիտի գան՝ յանուն ամբողջ շրջանի խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման»:
Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմպոյը եւ Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն Պրիւքսելի մէջ Չորեքշաբթի օր, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներէն յետոյ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ վերջնական համաձայնութեան գալու անհրաժեշտութիւնը:
Հերման Վան Ռոմպոյը, խօսելով Կազանի մէջ կայանալիք հանդիպման մասին, ընդգծեց Եւրամիութեան աջակցութիւնը երկարատեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
«Այժմ ժամանակն է յաւելեալ ջանքեր գործադրելու՝ վերջնական համաձայնութեան գալու Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ: Ատիկա թոյլ կուտայ շուտ սկսիլ բանակցութիւնները խաղաղ համաձայնագրի շուրջ», - Եւրամիութեան հաղորդագրութեան համաձայն, յայտարարեց Հերման Վան Ռոմպոյը՝ աւելցնելով. - «Եւրամիութիւնը կը շարունակէ սատարել ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու հիման վրայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի աշխատանքը»:
Եւրայանձնաժողովի նախագահ Պարոզոն, նոյնպէս ընդգծելով Եւրամիութեան աջակցութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ վերջնական համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնեց, որ առաջիկայ բանակցութիւններուն կողմերը կը յաջողին առաջ շարժիլ:
«Ինչպէս ես ըսած եմ, ստատուս քվոն տարբերակ չէ», - ամփոփեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահը: