Միջազգային լրատուամիջոցները ծայր աստիճան հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Քազանի հանդիպման մասին, մեծ թիւով լրագրողներ ուղարկելով տեղւոյն վրայ եւ մեկնաբանութիւններով ու վերլուծումներով հանդէս գալով: Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը, երէկ Կիր’ակի օրուան իր թիւով հանդիպման արդիւնքներուն անդրադառնալով կը գրէր, թէ նախագահ Մետվետեւը հիասթափուած է եւ կրնայ նոյնիսկ հրաժարիլ միջնորդի իր դերակատարութենէն:

Քազանի մէջ կայացաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումը՝ նախ միայն նախագահական մակարդակով, ապա նախագահներուն միացան երեք երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները:
Այս հանդիպումին որեւէ փաստաթուղթ չստորագրուեցաւ: Այսուհանդերձ, երեք  նախագահները հրապարակեցին միացեալ  յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.
«Հայաստանի, Ատըրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահները հանդիպեցան 2011 թուականի Յունիս 24ին, Քազանի մէջ եւ քըննարկեցին երեք նախագահներու յանձնարարութեամբ՝ ղարաբաղեան կարգաւորման հիմնարար սկըզբունքներու նախագիծերը համաձայնեցնելու նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքներու ընթացքը:
«Երեք երկիրներու ղեկավարները արձանագրեցին, որ շարք մը հարցերու մէջ հասած են փոխըմբռնման, որոնց լուծումը կը նպաստէ  հիմնարար սկզբունքներուն հաւանութիւն տալու համար բարենըպաստ պայմաններ ստեղծելուն:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահներու ներկայացուցիչներուն՝ յանձինս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին, ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցին անոնց ցուցաբերած մշտական ուշադրութեան համար եւ բարձր գնահատեցին Ռուսիոյ նախագահի մասնակցութիւնը՝ պայմանաւորուածութեան հասնելու գործընթացին աջակցելու համար»:

Հանդիպման անվտանգութիւնը ապահովեցին 8000 ոստիկաններ: Քազանէն հայրենի «Երկիր» օրաթերթին հաղորդեցին, որ հանդիպման հետեւեցան ԱՊՀ երկիրներու եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներու բազմաթիւ լրագրողներ:
Նախքան Քազանի հանդիպումին կայացումը, ռուսական «Ռոսիյսքայա Կազեթա» օրաթերթը տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Քազանի մէջ պիտի ստորագրեն փաստաթուղթը, որ իրաւաբանօրէն պիտի պարտաւորեցնէ կողմերուն հրաժարիլ ուժի կիրառումէն վիճելի հարցերու լուծման համար:
Ըստ թերթին, փաստաթուղթին բովանդակութիւնը խիստ գաղտնի կը պահուի:
Վկայակոչելով ռուսական ղեկավարութեան մէկ աղբիւրը՝ թերթը նշեց, որ Պաքու եւ Երեւան սկզբունքօրէն պատրաստ են փաստաթուղթը ստորագրելու: Թերթը նշեց սակայն, որ «վերջնական որոշումները եւ ձեւակերպումները պիտի հաստատուին անմիջականօրէն Քազանի մէջ, այնպէս որ՝ անսպասելի դժուարութիւններէն չենք ապահովագրուած»:
Միւս կողմէ, նոյն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Քազանի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին պիտի ստորագրեն փաստաթուղթ մը, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը իրաւաբանօրէն պիտի պարտաւորեցնէ հրաժարիլ տագնապի գօտիին մէջ ուժի կիրարկումէն:
«Մինչեւ հիմա Պաքուի եւ Երեւանի համար ընդունելի եղած են միայն առանձին որոշ սկզբունքներ: Սակայն, միայն հիմա կարելի եղած է կողմերը համոզել սկզբունքները ամբողջութեամբ ընդունելու, իսկ այս ուղղութեամբ որոշիչ յառաջընթացը արձանագրուած է Մարտին՝ Սոչիի հանդիպումին ժամանակ: Յաջողութեան երբեք այսքան մօտ չենք եղած: Համաձայնեցուած սկզբունքները կը նախատեսեն փուլային ընթացք դէպի լուծում՝ իւրատեսակ «ճամբու քարտէս»: Նախ հիմնական սկըզբունքները պիտի ստորագրուին, ապա Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ պիտի աշխատին խաղաղութեան համաձայնութեան վրայ: Այնուհետեւ Երեւան պէտք է վերադարձնէ պատերազմի ընթացքին գրաւուած ատրպէյճանական հողերը, որոնց շարքին՝ Ֆիզուլիի, Զանգելանի, Աղտամի, Ճեպրայիլի, Կուբաթլիի եւ Քելբաջարի շրջաններն ու Լաչինի շրջանէն 13 գիւղ: Այդ տարածքներուն մէջ անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն միջազգային խաղաղապահ ուժերը, իսկ Լաչինի մէջ պիտի գործէ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը իրարու միացնող միջանցք: Ղարաբաղի կարգավիճակը  պիտի որոշուի քանի մը տարի ետք՝ հանրաքուէի միջոցով, որ տեղի պիտի ունենայ գաղթականներու վերադարձին պարագային, սակայն այստեղ կարեւորը այն է, որ Պաքու եւ Երեւան պիտի հրաժարին վիճելի հարցերու լուծման համար ուժի կիրարկումէն», կը գրէ օրաթերթը:
Ռուսական օրաթերթի աղբիւրը շեշտած է, որ Պաքու եւ Երեւան կը պատրաստուին փաստաթուղթը ստորագրելու: Սակայն. «Վերջնական որոշումներն ու ձեւակերպումները պիտի որդեգրուին Քազանի մէջ, եւ այդ առումով, անսպասելի բարդութիւններէն ապահովագրուած չենք: Ստորագրումը կրնայ տապալիլ, օրինակ, Ղարաբաղի մէջ որեւէ սադրանքի պարագային: Եթէ ստորագրումէն ժամեր առաջ կամ ատկէ անմիջապէս ետք Ղարաբաղի մէջ կրակոցներ հնչեն կամ զոհեր ըլլան, ապա համաձայնութեան վրայ կարելի է խաչ քաշել», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը:
 
ԻԼՀԱՄ  ԱԼԻԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ՀԻՆ ԵՐԳԸ Կ՛ԵՐԳԷ
 
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հինգշաբթի օր հարցազրոյց մը տուաւ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին. հարցազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին՝  Ալիեւ մասնաւորաբար նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի անմիջական մասնակցութիւնը կողմերուն համաձայնութիւն ձեռք բերելու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ:
Ըստ անոր, հայկական կողմը կառուցողական ձեւով պիտի գործէ, իսկ ազրպէյճանական կողմը այնքան քաղաքական կամք պիտի ունենայ, որ կարեւոր քայլ մը պիտի կատարէ դէպի առջեւ, եւ այդ պարագային տագնապը արագ պիտի լուծուի: Ալիեւ ընդգծեց, որ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները վիճարկելի չեն եւ այնքան կարեւոր են, որ պէտք է ընդգրկուած ըլլան խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Ատրպէյճան ի՞նչ կը պատրաստուի առաջարկել Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական զօրքերու հեռացման պարագային, Ալիեւ ընդգծեց. «Իրականութեան մէջ մենք մտադիր չենք որեւէ բան առաջարկելու դարեր շարունակ Ատըրպէյճանին պատկանող Լեռնային Ղարաբաղին դիմաց. անիկա միջազգայնօրէն ճանչցուած ատրպէյճանական տարածք է»:

«ԱՄՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ
ԱՋԱԿՑԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ՎԵՐՇՊՐՈՒ

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Ալեքսանտր Վերշպրու Ուաշինկթընի Միջին Արեւելքի հիմնարկին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն համագործակցիլ Թուրքիոյ հետ եւ աջակցիլ այդ երկրի՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն:
«Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ՝ շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման ուղղուած բոլոր ջանքերուն», ըսած է ան:

Քազանի Գագաթնաժողովը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Համար Լաւագոյն Առիթն էր Համաձայնութեան. The Wall Street Journal

Ռուսաստանի մէջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան չյաջողեցան ստորագրել համաձայնագիր, որ պիտի լուծէր Լեռնային Ղարաբաղի «սառեցուած» հակամարտութիւնը, կը գրէ ամերիկեան The Wall Street Journal պարբերականը՝ անդրադառնալով  հանդիպման արդիւնքներուն:
Պարբերականը կը նկատէ, որ Քազանի գագաթնաժողովը կողմերու համար վերջին տասնամեակի լաւագոյն հնարաւորութիւնն էր համաձայնութեան հասնելու շարք մը սկզբունքներու շուրջ, որ դիւանագէտներու եւ վերլուծաբաններու կարծիքով՝ պիտի կասեցնէր «հաւանական վերադարձը պատերազմին»: