ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հինգշաբթի, Յունիս 23ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:


ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահը շեշտած է Քազանի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի կարեւորութիւնը: Օպաման շնորհակալութիւն յայտնած ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութեան համար եւ Տովիլի յայտարարութեան ոգիէն մեկնելով կարեւոր նկատած  է Քազանի մէջ առաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պարաք Օպամային՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին հետեւողական աջակցութեան համար: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդները միշտ ձգտած են հակամարտութեան խաղաղ ու արդար կարգաւորման, եւ եթէ Քազանի մէջ ատրպէյճանական կողմը ցուցաբերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի կը դառնայ ակնկալել դրական արդիւնքներ:
Հայաստանի եւ ԱՄՆի նախագահները իրենց զրոյցի մէջ քննարկած են նաեւ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր:
Օպամա հեռաձայնած է նաեւ Իլհամ Ալիեւին: