ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երեւանի քաղաքապետարանէն կը վստահեցնեն, թէ Նոր Տարուան տօնական օրերուն մայրաքաղաքը պիտի ունենայ շքեղ տեսք մը, որուն համար պիտի նպաստեն նաեւ յատուկ կազմակերպութիւններ։


Քաղաքային իշխանութիւնները Ազգային պատկերասրահի շէնքին վրայ կը խոստանան իրականացնել «3D» ցուցադրութիւն մը: «Հանրապետութեան հրապարակում լինելու է այն, ինչին մենք արդէն ականատես եղել ենք, բայց այս անգամ ցուցադրութիւնը կը լինի Ամանորեայ թեմատիկայով», նշած է Արտաքին ձեւաւորման եւ գովազդի վարչութեան պետ Արազ Բաղդասարեան:
Հանրապետութեան հրապարակի Մայր տօնածառի ձեւաւորման համար օգտագոր-ծուած է 6000 ճիւղ։ Տօնածառը ունի 31 մեթր բարձութիւն եւ 4000է աւելի զարդ:
Ամանորեայ նորամուծութիւններու շարքը պիտի ընդգրկէ Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած տօնավաճառը։ Քաղաքապետարանի առեւտուրի ու սպասարկումներու բաժինը պիտի հետեւի նաեւ նախատօնական առեւտուրին:
Հանրապետութեան հրապարակին ձեռնարկներ պիտի իրականանան Դեկտեմբեր 31ին, Յունուար 6ին եւ 13ին: