Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր  9-10 թուականին, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Երեւանի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ գրասենեակին կից գործող Երիտասարդական Խորհուրդի տարեկան ժողովը:


Երիտասարդական խորհուրդի հիմնական գործառոյթն է քննել եւ արժեւորել Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, ուսանողական  եւ պատանեկան միութիւններու կապակցութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ մշակել ծրագրեր յառաջիկայի համար:
Երիտասարդական Խորհուրդին մաս կը կազմեն Հ.Յ.Դ. կազմակերպական տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ։
Երկօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական դաշտի ընդհանուր իրավիճակը, եւ հիմնուելով Հ.Յ.Դ. 31-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն վրայ մշակուեցաւ քառամեայ ռազամավարութեան նպատակներն ու գործունէութիւնը ճշդող յառաջիկայի  ծրագիրը: Ժողովը հաստատեց երիտասարդական մակարդակներու վրայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման անհարժեշտութիւնը, յատուկ ընդգծեց Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութեան հաստատման գծով մղուող պայքարին նոր թափ հաղորդելու կարեւորութիւնը եւ շեշտ դրաւ  միութիւններու քանակական եւ որակական մակարդակի բարձրացման վրայ։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ