ապա  ատրպէյճանական  ճնշման  տակ վերախմբագրած  է  գրութիւնը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան  «սեւ ցուցակին» մէջ մտնելու վտանգի տակ յայտնուած է ամերիկեան հեղինակաւոր ABC News հեռուստաալիքը:


Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական 1news.az կայքը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այժմ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով կը փորձէ պարզել, թէ արդեօք ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որ հեռուստաալիքը Լեռնային Ղարաբաղը ներառած է 2012ին այցելութեան համար եօթը ինքնատիպ վայրերու շարքին:
Արցախին վերաբերող հատուածին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Բոլոր անոնց համար, որոնք արկածներ կը փնտռեն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղը ճիշդ այդ վայրն է»:
«Արշաւանքներու գացէք ձիւնածածկ լեռներու, կարմիր եւ դեղին ծաղիկներով ծածկուած դաշտերու մէջէն: Ճաշին վայելեցէք խորոված միսն ու բանջարեղէնը: Եւ եթէ դուք հիւրընկալուիք տեղի բնակիչներու տուն, մի զարմանաք, եթէ նախաճաշին ձեզի թութի օղի առաջարկեն»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:
ABC News-ն այնուհետեւ զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տայ Գանձասարի վանք այցելել, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «գանձերու սար»: «Այցելեցէք այնեղ գիշերով, որպէսզի տեսնէք խաւարին մէջ լուսաւորուած վանքը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:
Եօթ ինքնատիպ վայրերու ցանկին մէջ հեռուստաընկերութիւնը ընդգրկած է նաեւ՝ Չիլիի մէջ գտնուող Աթակամա անապատը, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնը, Նիտեռլանտներուն մէջ գտնուող Վենլոյ քաղաքը, Լաոսի հիւսիսը գտնուող Լուանկ Փրապահ քաղաքը, Թայլանտի Ռէյլէյ լողափը, Աւստրալիոյ Ուիթսանտ կղզիները:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ յայտնուելու վտանգի տակ էին նաեւ Betravel (Պելճիքա), Gigatour (Գերմանիա) եւ Oceanides (Ֆրանսա) զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուցած էին որպէս անկախ պետութիւն ու զայն  ներառած էին իրենց 2012ի   պտոյտներուն մէջ:

ABC News Կը Նահանջէ Ատրպէյճանական Ճնշման Տակ

ABCNews.com կայքէջի վրայ լոյս տեսած գրութիւնը, ուր կը թուարկուէին ու կը նկարագրուէին այդ կայքէջի աշխատակիցին կարծիքով 2012ին այցելելու արժանի աշխարհի եօթ վայրերը՝ վերախմբագրութեան ենթարկուած է երկու օր  ետք: Երեքշաբթի 10 Յունուարին, կայքէջին վերնագիրը խորհրդաւոր կերպով փոխուած էր եւ վերածուած «2012ին այցելելու արժանի վեց վայրեր»ը,. այսինքն դուրս հանուած էր Լեռնային Ղարաբաղի բաժինը:
«Նիուզ» Էյ.Զի.» ատրպէյճանական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկացուի, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութեան ցումունքով, Ուաշինկթընի մէջ ատրպէյճանական դեսպանատունը քննութիւն բացած է՝ իմանալու համար թէ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը մտած էր ABCNews.comի աշխատակիցի ցուցակին մէջ:
Յայտնապէս դեսպանատունը կատարած է իր պարտականութիւնը քայլ մը անդին անցնելով ու ճնշելով ABCNews.comի պատասխանատուները՝ գրաքննելու սեփական կայքէջը եւ վերախմբագրելու սոյն գրութինը՝ զեղջելով Արցախին վերաբերող ամբողջ բաժինը...