ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի գրադարանէն 2010-2011ին քանի մը միլիոն դրամ արժողութեան հասնող գիրքեր գողցուած են եւ այս գծով քրէական գործ հարուցուած է։


Նախաքննութեան համաձայն, Ազգային գրադարանի շէնքի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկան Է. Ղամբարեան եւ Վրաստանի քաղաքացի Վ. Ազարիաշվիլի, նախօրօք կայացած համաձայնութեամբ, 2010-2011 պարբերաբար մուտք գործած են Հայաստանի Ազգային գրադարանի գրապահոց եւ գողցած շուրջ 150 միաւոր տարբեր գիրք:
Դեկտեմբեր 26ին բերման ենթարկուած են համապատասխան շէնքը ապօրինի մուտք գործելու փորձ կատարած չորս անձերը։
Քրէական գործի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ Վրաստանի քաղաքացի Վ. Ազարիաշվիլիի դրդումով՝ Երեւանի պետական համալսարանի գրադարանի բաժինի վարիչը շուրջ 19 միաւոր տարբեր գիրքեր վաճառած է անոր, իսկ ստացած գումարը տնօրինած է անձնական նպատակներով:
Քրէական գործով մեղադրուած են վեց անձեր. բաժինի վարիչը կը մեղադրուի իւրացում կատարած ըլլալու յանցանքով, իսկ մնացեալ հինգը, ներառեալ՝ Վրաստանի քաղաքացի Վ. Ազարիաշվիլին եւ ոստիկանութեան երկու աշխատակիցներ՝ Է. եւ Դ. Ղամբարեանները, ոստիկանութեան կրթահամալիրի քոլեճի ուսանող Վ. Է. եւ քաղաքացի Կ. Յովհաննիսեան գողութիւն եւ գողութեան փորձ կատարելու յանցանքով։