ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդաներու Հայաստան ճանաչողական այցելութիւնները կը շարունակուին. արդարեւ, Երկուշաբթի Յուլիս 2ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած ծրագիրի 3րդ փուլին բացումը: Այս անգամ Հայաստան ժամանած էին սփիւռքահայ 110 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, ԱՄՆէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Ռումանիայէն եւ Գանատայէն, որոնք հայրենիք պիտի մնան շուրջ 15 օր:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Վիտալի Բալասանեան դէմ է Արցախը հանքարդիւնաբերական երկիրի վերածելու տարբերակին։ Այս մասին ան գրած է իր Դիմատետրի էջին վրայ՝ պատասխանելով Արցախի մէջ նոր հանքավայրերու օգտագործման մասին իրեն ուղղուած հարցումին։

Լեռնային Ղարաբաղի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Թերթ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ապակեդրոն քաղաքական կառոյց է,

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեան, որու պատկանող Հարսնաքար ճաշարանին մէջ դաժանօրէն ծեծի ենթարկուած եւ  մահացած էր բժիշկ սպայ Վահէ Աւետեանը, երէկ հանդիպում ունեցաւ  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, ապա յայտարարեց, որ կը հրաժարի Ազգային Ժողովի իր աթոռէն:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց: Ան ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի ուղեկցութեամբ այսօր առաւօտուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ծաղկեպսակ զետեղեց եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: