Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ պաշտօնական այցելութեամբ Կովկաս կը գտնուի Յուլիս 3-5: Այցելութիւնը պիտի սկսի Հայաստանէն, ուր այսօր կը ժամանէ Վան Ռոպայ: Նախատեսուած են հանդիպումներ ՀՀ նախագահի եւ Ազգային Ժողովի նախագահի հետ:

Բազմահազար  հայորդիներ  մասնակցեցան  բժիշկ  սպայ Վահէ  Աւետեանի յուղարկաւորութեան


Ժողովրդային սուգի թափօրին մասնակցեցան մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ:
35-ամեայ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի յուղարկաւորութիւնը, հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկին՝ կազմակերպելու «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Զէյթունի քաղաքացիական գերեզմանոցին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս արտաքին ուժերը կը միջամտեն Դաշնակցութեան ներքին գործերուն, կը փորձեն հարցեր ստեղծել կուսակցութեան շարքերուն մէջ՝ նպատակ ունենալով փոխել Դաշնակցութեան ներկայի ղեկավարութիւնը։

Երեւանի Կասկատ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը, ուր ներկայ էին ՀՀ կառավարութեան անդամներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, պետական, մշակութային գործիչներ,  մտաւորականներ եւ այլ հիւրեր:

«Գիտելիքով զինուած մարդն անպարտելի է» նշանաբանով 1993 թուականէն ի վեր Հայ Օգնութեան Միութիւնը դրամական քաջալերական օժանդակութիւն կը յատկացնէ համալսարաններուն մէջ ուսանողներու։