Բազմահազար  հայորդիներ  մասնակցեցան  բժիշկ  սպայ Վահէ  Աւետեանի յուղարկաւորութեան


Ժողովրդային սուգի թափօրին մասնակցեցան մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ:
35-ամեայ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի յուղարկաւորութիւնը, հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկին՝ կազմակերպելու «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Զէյթունի քաղաքացիական գերեզմանոցին մէջ:


Բազմահազար հոգինոց սուգի թափօրին մասնակիցները ո՛չ միայն Վահէ Աւետեանը ճանչցողներն էին, այլ նաեւ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ եւ Հայաստանի քաղաքացիներ: Ներկաներուն մէջ էին դերասան Սօս Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւորներ, ՀՅԴ-ի անդամներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնց մէջ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրով:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, մահուան թափօրի մասնակիցները լուռ երթով շարժեցան դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւն:
Նշենք, որ այսօր լռութեան օր յայտարարուած է, իսկ վաղը տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին դիմաց «Կը պահանջենք պատժել «Հարսնաքար»-ի մէջ տեղի ունեցածի բոլոր մեղաւորները» «ֆէյսպուք»-ի միջոցով սկսած նախաձեռնութեամբ՝  բազմաթիւ քաղաքացիներ մասնակցած են «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ դաժան ծեծի պատճառով մահացած կեդրոնական ռազմական հիւանդանոցի բժիշկ Վահէ Աւետեանի հոգեհանգիստի արարողութեան:
Անոնք համախմբուած են Զէյթուն թաղամասի շուկային մօտ, ուրկէ լուռ երթով ուղղուած են մինչեւ Վահէ Աւետեանի տունը: Փողոցը ամբողջութեամբ փակ էր: Հոն էին բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիներ: