Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ պաշտօնական այցելութեամբ Կովկաս կը գտնուի Յուլիս 3-5: Այցելութիւնը պիտի սկսի Հայաստանէն, ուր այսօր կը ժամանէ Վան Ռոպայ: Նախատեսուած են հանդիպումներ ՀՀ նախագահի եւ Ազգային Ժողովի նախագահի հետ:


Ծրագրուած է նաեւ նախագահ Վան Ռոպայի ելոյթը Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս, ինչպէս եւ ներկայութիւն «Հայաստանը Եւրոպայի մէջ» հասարակական ֆորումի բացման արարողութեան:
Երեւան իր այցելութեան աւարտին, Վան Ռոպայ պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան: