ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդաներու Հայաստան ճանաչողական այցելութիւնները կը շարունակուին. արդարեւ, Երկուշաբթի Յուլիս 2ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած ծրագիրի 3րդ փուլին բացումը: Այս անգամ Հայաստան ժամանած էին սփիւռքահայ 110 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, ԱՄՆէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Ռումանիայէն եւ Գանատայէն, որոնք հայրենիք պիտի մնան շուրջ 15 օր:


Բացումին կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելով մասնակցողներուն՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ծնողներուն, որոնք վստահած եւ հայրենիք ուղարկած են իրենց զաւակները:
Նախարարը տեղեկացուց, որ երեխաները պիտի հիւրընկալեն Շէնգաւիթ համայնքի եւ յատկապէս Արարատի մարզ ապրող ընտանիքներ:
Իր խօսքի աւարտին նախարարը յորդորեց. «Ձեզանից շատերը գուցէ դժուարանում են հայերէն խօսել, սակայն հայրենիքում խօսում ենք միայն հայերէն, թէկուզեւ՝ ձեր ջարդուած հայերէնով, հարցնելով, որպէսզի ձեր մայրենին սկսէք աւելի սիրել, աւելի շատ օգտագործել: 14-15 օր յետոյ ես կը հանդիպեմ ձեզ հետ եւ կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ յաջողութիւնների էք հասել»:
«Արի տուն-2012» ծրագիրը կ՛իրականացուի Յունիս 10էն Սեպտեմբեր 1՝ ութ փուլերով: Այս տարի եւս կը նախատեսուի չորսօրեայ ճամբարային հանգիստ Աղաւնաձորի մէջ: