Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ այցելեց Շիրակի մարզ, «Գիւմրիի սելեկցիոն կայան» ՓԲԸ-ի մէջ 2011-2012 թուականներու ընթացքին իրականացուած գիւղատնտեսական աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ»ը։
Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է հացահատիկի բերքահաւաքի եւ գիւղատնտեսական մշակաբոյսերու սորտափորձարկումներու համար կատարուած ցանքատարածութիւններ, շրջած է կայանի տարածքով եւ գիւղատնտեսական տարրալուծարանով, ծանօթացած արտադրական գործընթացին եւ աշխատանքային պայմաններուն:
Վարչապետ Սարգսեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու եւ ՀՀ մարզպետներու մասնակցութեամբ, նշելով թէ Գիւմրիի սելեկցիոն կայանի զարգացումը եւ կայացումը էական նշանակութիւն ունի, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ արդիականացնել սերմացուն:
2012-ի համար հացահատիկային մշակաբոյսերէն սպասուելիք համախառն բերքը կը կանխատեսուի 9400 ցենտներ՝ 2011-ի 7100 ցենտներու համեմատ: Տիգրան Սարգսեան ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան յանձնարարած է հաւասարաչափ բաշխել բարձր վերարտադրութեան սերմերը՝ ըստ մարզերու տնտեսութիւններուն:
«Գիւմրիի սելեկցիոն կայան» ՓԲԸ-ի տնօրէն Ռուբիկ Կարախանեան վարչապետին ներկայացուցած է հացահատիկի բերքահաւաքի, աշնանացան ցորենի որակին եւ անոր առաջին վերարտադրութեան սերմացուներով ցանքերու աշխատանքներու ընթացքը:
Արծարծուած է նաեւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւններու միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով «Վանաձոր Քիմփրոմ» ՍՊԸ-ի կողմէ պարարտանիւթերու տեղական արտադրութեան, մասնաւորապէս, պարարտանիւթերու գիներու, քանակներու եւ անոնց իրացման հարցը, որուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան:
Ամփոփելով քննարկման արդիւնքները՝ վարչապետը համապատասխան յանձնարարականներ տուած ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան՝ արձանագրուած խնդիրները մասնագէտներու հետ քննարկելու եւ սեղմ ժամկէտներու մէջ անոնց լուծման տարբերակները ներկայացնելու համար: