Ֆրանսահայ երգիչ եւ յօրինող Մարթէն Եորկանցը  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու նպատակով  Երեւան կ'այցելէ: 

«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին փառատօնի ղեկավար Սամվէլ Հարոյեանը նշեց, որ Եորկանցը սեփական նախաձեռնութեամբ որոշեց մասնակցիլ «Իմ Հայաստան» փառատօնի անհատ կատարողներու ենթափառատօնին: «Քանի որ փառատօնի մասին տեղեկատուութիւնը տարածուած էր ամբողջ Սփիւռքում, այդ թւում՝ Ֆրանսայում, Եորկանցը, իմանալով դրա մասին, անմիջապէս մասնակցելու ցանկութիւն էր յայտնել»,- տեղեկացուց Հարոյեանը:
Անհատ կատարողներ ենթափառատօնի ծիրէն ներս՝ արդէն Յուլիս 30-էն Օգոստոս 5,  Եորկանցը մի քանի համերգներով հանդէս կուգայ հանրապետութեան մարզերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Յուլիս 31-ին Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ կայացաւ երգիչի մենահամերգը:
«Իմ Հայաստան» փառատօնի անհատ կատարողներու ենթափառատօնին կը  մասնակցին շուրջ 30 կատարողներ, որոնց թիւին մէջ են նաեւ երիտասարդ, բայց արդէն յայտնի երաժիշտներ:
 2011 թուականին Եորկանցը համերգային ծրագրով հանդէս եկած էր Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի 7-րդ փուլի մասնակիցնե- րուն համար, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան մէջ երեք համերգ ունեցած էր: Իր երգացանկին մէջ ընդգրկուած են հայկական «Հայի աչքեր», «Սիրում եմ քեզ», «Գարուն ես միշտ, Երեւան», «Այբ, բեն, գիմ», «Ճկոյթիկ», ինչպէս նաեւ իտալական եւ ֆրանսական սիրուած երգեր: