Փարիզի մէջ երէկ կայացած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իան Քելիի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆորի (Ֆրանսա) հանդիպումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի համար 2012 թուականը առանձնացաւ բոլոր  նախորդ տարիներէն։ Այս մասին յայտարարեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանը այս տարուան Մայիսէն պիտի ըլլայ Եւրախորհուրդին մէջ նախագահող երկիր։

Դասախօսութիւններ, համերգներ, պարգեւատրումներ եւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ ձեռնարկներ

Հայաստանի Զինուած Ուժերու կազմաւորման 21րդ տարեդարձին առիթով տօնական ձեռնարկներ տեղի ունեցան անցնող շաբաթավերջին։ Տօնական միջոցառումները կը շարունակուին այսօր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայկական համայնքներուն մօտ։

Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան դիւանագիտական լուծումներ գտնեն Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հարցին շուրջ՝ խուսափելով տարածաշրջանին մէջ լարումի հետագայ աշխուժացումէն: