Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան դիւանագիտական լուծումներ գտնեն Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հարցին շուրջ՝ խուսափելով տարածաշրջանին մէջ լարումի հետագայ աշխուժացումէն:
Այս մասին նշուած է Եւրոպական Յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի գրաւոր յայտարարութեան մէջ, որ կատարուած է Յ. Աբրահամեանի հետ տեսակցութենէն ետք: Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման դէմ վերջին նախազգուշացումները Պաքուէն հնչած էին անցեալ շաբթուան սկզբին, երբ Ամանորեայ տօներէն յետոյ յայտարարուած էր, որ մէկ ամիսէն կը կատարուի Ստեփանակերտ-Երեւան-Ստեփանակերտ առաջին թռիչքը: Ֆիւլէի եւ Աբրահամեանի հանդիպումին յաջորդած մամուլի միացեալ յայտարարութեան մէջ, օդակայանին մասին ըսուած է. «Հանդիպումին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի օդակայան թռիչքի կարելիութեան հարցերը: Յանձնակատար Ֆիւլէ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն: Ան ընդգծեց, որ կողմերը պէտք է դիւանագիտական լուծում գտնեն օդակայանի հարցին մասին եւ զերծ մնան որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ լարումը սաստկացնել տարածաշրջանին մէջ»:
Օդակայանի հարցը «քաղաքական չէ» կ'ըսէ Է. Նալբանդեանը
«Ատրպէյճանը կÿաղմկէ եւ այդ աղմուկով կը փորձէ քաղաքականացնել Ստեփանակերտի օդանաւակայանի հարցը, մինչդեռ հարցը քաղաքական չէ եւ որեւէ ձեւով առընչուած չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ» յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: