ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԻՐ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԳՈՂՑԱԾ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻՆ ԴԷՄ 

«Ազգային ինքնորոշում» կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, յայտարարեց, որ իր ծրագրի հրապարակումը պիտի յետաձգէ մէկ շաբաթով:

Ան ըսաւ թէ իր ասուլիսներէն մէկուն մէջ յստակօրէն արտայայտած էր իր միտքը, թէ «մենք պայքարում ենք ոչ թէ դէմ, այլ յանուն, ես ոչ մի հակառակորդ չունեմ, նրանք բոլորը իմ եղբայրներն են: Տեսէք, ես ասացի մամուլի ասուլիսում, անցաւ: Իսկ այսօր մէկը դա դարձրել է իր հիմնական կարգախօսն ու հիմնական մօտեցումը: Դրա համար մենք մեր ծրագիրը կը հրապարակենք մէկ շաբաթ ետք», ըսած է ան, ակնյայտօրէն ակնարկելով Սերժ Սարգսեանին:

 

ԱՐՄԱՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆԸ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԷ ԻՐ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԸ

 Հայաստանի նախագահի թեկնածու Արման Մելիքեանը, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մասով կը կասեցնէ իր քարոզարշաւը: Թեկնածուն այս մասին երէկ յայտարարեց, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ: Մելիքեանը ըսաւ որ իմաստ չի տեսներ քարոզարշաւ սկսելու մէջ, քանի որ դեռ չեն ստեղծուած այն նախադրեալները, որ ցոյց պիտի տան թէ այս ընտրութիւնները նախորդի պէս պիտի չկեղծուին:

Նշենք, որ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը մերժեց Մելիքեանի դիմումը, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունած երկքաղաքացիներու, ինչպէս եւ քաղաքացիութիւնը ձգած անձերու թիւի հրապարակայնացում կը պահանջէր: Ան ըսաւ, որ ըստ իր հաշուարկումներուն՝ նախկին ընտրութիւններուն ժամանակ 400-500 հազար ձայն աւելցուած էր իշխանական թեկնածուի օգտին:

 

ՍԴՀԿն Պիտի Սատարէ Սերժ Սարգսեանին

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը հաստատեց, որ   նախա- գահական ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը պիտի սատարէ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութիւնը 23 Դեկտեմբերին կայացուցած էր ընդարձակ ժողով՝ իբրեւ միակ օրակարգ ունենալով Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները։

ՍԴՀԿի ժողովին արտայայտուած համընդհանուր կարծիքները նկատի ունենալով՝ ՍԴՀԿի վարչութիւնը գումարած է արտակարգ նիստ եւ որոշած է սատարել գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Կը նշուի, որ նման որոշման կայացման համար նկատի առնուած են վերջին տարիներուն նախագահին ու կառավարութեան կողմէ կատարուած որոշ բարեփոխումները:

Միեւնոյն ժամանակ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան վարչութիւնը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործել իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական ուժ, չունի որեւէ քաղաքական համաձայնութիւն որեւէ հարցի առնչութեամբ: